2013-09-18 13:08:44

Գերապայծառ Րոպէրդ Զոլլիդսխ`ֆրիպուրկի Առաքելական Հոգաբարձու։


Գերմանիոյ եպիսկոպոսական համահաւագ դասի գրասենեակը կը հաղորդէ թէ ֆրանչիսկոս Պապը, Րոպէրդ Զոլլիդսխ Արքեպիսկոպոսը անուանած է ֆրիպուրկ թեմի Առաքելական Հոգաբարձու։ Անուանումը կը զուգադիպի գերապայծառ Զոլլիդսխի, տարիքի բերումով ներկայացուցած հարաժարականի ընդունման նոյն օրը։
Գերապայծառ Զոլլիդսխ Առաքելական Հոգաբարձուի պաշտօնի վրայ կը մնայ մինչեւ իրեն յաջորդի մը անուանումը։ Նորին Սրբութիւնը նոյն գրութեամբ հաստատած է նաեւ որ գերապայծառ Զոլլիդսխ, Գերմանիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կանոնագիրքի 29-րդ յօդուածի 3 գլուխի համաձայն, շարունակէ նախագահել Գերմանիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասը մինչեւ մարտ 2014։








All the contents on this site are copyrighted ©.